2008-11-07 15:13:26

Վատիկանեան տեղեկութիւն` Կարտինալական դասը, պատմութիւնը եւ աւանդութիւնները


Քահայանապետ ընտրելու իրաւասու կարտինալական դասը երեք կարգի ստորաբաժանուած է եւ անոնց կարմիր հագուստը կը վկայէ անոնց բացարձակ հաւատարմութեան ս. Պետրոսի յաջորդին՝ Հռոմի Պապին։ իւրաքանչիւր կարտինալին խորհրդանշօրէն վերապահուած է Հռոմի մէկ եկեղեցի մը։

Սրբազան Քահայանապետը անձամբ կը նշանակէ կարտինալները հիմնուելով անոնց վարդապետութեան, վարք ու բարքին, աստուածապաշտութեան ու խոհեմութեան յառաջ տանելու եկեղեական հարցերը։ Անոնք որոնք եպիսկոպոս չեն պէտք են անպայման ընդունին եպիսկոպոսական աստիճանը, ինչպէս կը հաստատէ եկեղեցական կանոնագիրքի 351 յօդուածը։ Մինչեւ 11 դար Հռոմի կղերը ու թեմի հաւատացեալները կ՝անուանէին Հռոմի Պապը։ 1059էն ասդին կարինալները դարձան քահայանապետին միակ ընտրողները։

Կարդինալակն դասը ստորաբաժանուած է երեք կարգի եպիսկոպոսական կարգ, քահանայական կարգ ու սարկաւաան կարգ։ եւ ամէն կարտինալ խորհրդանշականօրէն գլուխ է Հռոմի մէկ եկեղեցւոյ առանց սակայն վարչական կամ մատարարական իրաւունք ունենալու այդ եկեղեցւոյ վրայ։ Կարտինալը լոկ խորհրդակից մըն է իրեն յանձնուած եկեղեցւոյ։ Մինչեւ 13 դար Կարտինալական դասը կը հաշուէր 30 իշխան, 13րդ 15րդ դար անոնք 70ի հասան Սիքստոս 5րդ քահայանապետի հրահանով։ Յովհաննէս 23 պապը 15 դեկտեմբեր 1958 կարտինալներու թիւը բարձրացուց իսկ Պօղոս Զ պապը 120 հասցուց։ եւ միաժամանակ ան սահմանեց որ 80 տարեկան կարտինալը չի կրնար մասնակցիլ նոր Պապի մը ընտրութեան։ Կարտինալները նաեւ կը կոչուին եկեղեցւոյ իշխաններ։ Անոնք պարտաւոր են սերտօրէն համագործակցելու սրբազան Քահայանապետին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.